«Երկիր Մետիա».-ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յետաձգած է «Ազատութեան Աջակցութեան Արարքը» 907-րդ ուղղման կասեցումը, որուն հետեւանքով թոյլատրուած է ԱՄՆ-ի ուղղակի օգնութիւնը Ատրպէյճանին: Այս առնչութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է. «Երկրի նախագահ Ճօ Պայտըն, որ իր նախորդին` նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած էր Ատրպէյճանի նկատմամբ կիրառել «Ազատութեան Աջակցութեան Արարքը», որոշած է հրաժարիլ Քոնկրեսի այդ պատժամիջոցներէն` իր վարչակազմին թոյլ տալով օգնել քարիւղով հարուստ եւ հակահայկական հռետորաբանութեամբ գործող ալիեւեան վարչակարգին: ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ’ենթադրէ պատասխանատուութիւն` չզինելու եւ չսատարելու Ատրպէյճանին: Նախագահ Պայտընի կատարած որեւէ գործողութիւն, որ կանաչ լոյս կու տայ Ալիեւի վարչակազմին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար, կը հակասէ քարոզարշաւի ընթացին ունեցած յստակ դիրքորոշումին , որ կը հակասէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ոգիին»: Ընդ որում, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի լոյսին տակ, այն ատեն նախագահի թեկնածու Պայտըն յայտարարած էր. «Թրամփի վարչակազմը պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ եւ չհրաժարի «Ազատութեան Աջակցութեան Արարքի» պահանջներէն, որպէսզի դադրեցնէ ռազմական արհեստագիտական հոսքը Ատրպէյճան»: «Ազատութեան Աջակցութեան Արարքի» 907-րդ ուղղումը ԱՄՆ Քոնկրեսը ընդունած է 1992-ին Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի շրջափակման պատճառով եւ նախատեսած է Ատրպէյճանին միայն մարդասիրական օգնութեան տրամադրում: Ըստ այդ ուղղման ԱՄՆ կառավարութեան արգիլուած է օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի պաշտօնական կառոյցներուն, որովետեւ տակաւին այդ երկիրը «ակնյայտ քայլեր չէ ձեռնարկած ՀՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրառման այդ յարձակողական ձեւերու վերացման ուղղութեամբ»: Սակայն 2002-ին Քոնկրեսը ուղղում կատարած է 907-րդ բաժինին մէջ, որով թոյլատրուած է նախագահի կողմէ արարքի կասեցումը եւ ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որ ամէն տարի կ’իրականանայ ԱՄՆ նախագահին միջոցով: