ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 29 Ապրիլին եռօրեայ այցելութեամբ մեկնած էր Արցախ: Նոյն օրը ՀՅԴ Արցախի կառոյց անդամներու հետ տեղի ունեցած ընկերային հանդիպումին քննարկուած է Արցախի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրները, Արցախի եւ Հայաստանի ներքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական հարցերը:

Արցախի երիտասարդներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուցած է Հայ Դատին ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ներկայ ժամանակաշրջանի առաջնահերթութիւններն ու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքերը, ապա պատասխանած է երիտասարդներու հարցերուն:

30 Ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ տեղի  ունեցած է հանդիպում մը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պաշտօնաթող նախագահներ Արկատի Ղուկասեանի ու Բակօ Սահակեանի միջեւ:

Նախագահներու հետ  միատեղ հանդիպումին քննարկուած են պատերազմի հետեւանքներու վերացման համար տարուող աշխատանքներն ու նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման միտուած համայն հայութեան ներուժի կեդրոնացման նախաձեռնութիւնները: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ արտաքին քաղաքական, անվտանգային, տնտեսական ու ընկերային հարցերու շուրջ:

Հանդիպումին մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայանին:

Քննարկուած են արտաքին ճակատի վրայ տարուող աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն հետ նախատեսուած աշխատանքներ։

Նոյն օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպած են Արցախի խորհրդարանական մնացեալ ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներու` «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» նախագահ Աշոտ Ղուլեանին եւ «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեանին հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան:

1 Մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մասնակցած է Ստեփանակերտի Իւրի Պօղոսեանի անուան N6 դպրոցին մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ պատանեկան վերջին ճամբարի փակման արարողութեան: Իր ելոյթին մէջ Յակոբ ՏէրԽաչատուրեան յայտնած է, որ թէեւ պատանիները ճաշակած են պատերազմի բոլոր դառնութիւնները, բայց այդ ողբերգութիւնը ոչ թէ պէտք է յուսահատեցնէ եւ սերմանէ պարտուողական հոգեբանութիւն, այլ վերածուի յաւելեալ վճռականութեան` կերտելու հայութեան մեծ երազանքը:

Աւարտելով հանդիպումները` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ ամփոփած է այցելութեան արդիւնքներն ու նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման քայլերը: