30 Ապրիլ 2021-ին ՀՅ Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Լոս Անճըլըս այցելութեան մասին յայտարարութիւն հրապարակած է.

 

«Տեղեակ ենք, որ Սփիւռքի գործերու գրասենեակի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Լոս Անճելըս պիտի այցելէ 2-10 Մայիսին։

Իւրաքանչիւր օր, որ պրն. Սինանեան չի դատապարտեր Նիկոլ Փաշինեանը, անոր նախապատերազմեան, պատերազմի օրերու եւ յետպատերազմեան աւերին համար, կը նշանակէ, որ ինք մեղսակից է այն դաւաճանութեան, որուն կ՚ենթարկուի մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը։

Նիկոլ Փաշինեանը դասալիք մըն է։ Ինք լքեց իրեն քուէարկողները։ Ինք լքեց մեր տասնեակ հազարաւոր բանակայիններն ու կամաւորները՝ իրենց ընտանիքներով հանդերձ։ Ինք լքեց մեր ռազմագերիները։ Լքեց Արցախը։ Ինք մեր երկիրը մխրճեց փտածութեան (corruption) եւ բռնատիրութեան մէջ ու մոլորեցուց բոլորը։

Իսկ հիմա, երբ կը խօսի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին, երկիրներ որոնց վերջին արարքները պարզապէս շարունակութիւնն են անոնց դարաւոր հակահայ նպատակներուն, Փաշինեան այս ձեւով ոչ միայն կ՚ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը, այլեւ վտանգի տակ կը դնէ արդարութեան մեր պահանջը։

Պարո՛ն Սինանեան, այնքան ատեն, որ դուք կը պաշտպանէք Նիկոլ Փաշինեանի աւերիչ ուղին, ծառայելով իրեն, մենք ձեզ չենք ողջուներ մեր համայնքէն ներս»։