Երեքշաբթի, 4 Մայիս 2021-ին, Պաքուէն Երեւան հասան 3 հայ ռազմագերիներ` Ռոպերթ Վարդանեան, Սամուէլ Շուխեան եւ Սէյրան Թամրազեան, որոնց տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ: Անոնք ուղղակի տարուեցան հիւանդանոց` քննութեան:

Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն ջանքերուն իբրեւ արդիւնք եւ միջազգային հանրութեան օրէ օր աւելցող ճնշումին պայմաններուն մէջ Ատրպէյճան վերադարձուցած է երեք հայ ռազմագերիները: «Լիայոյս ենք, որ այս հոլովոյթը կ՛ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնն ու շուտափոյթ աւարտը», յայտնեցին Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն: