ՀՅԴ Հանրային Կապերու գրասենեակէն հաղորդած են, որ  2020-ին  նախատեսուած` ՀՅԴ 130-ամեակին նուիրուած հանադիսութիւնը տեղի չունեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմին եւ հայութեան ողբերգական կորուստներուն պատճառով: Սոյն ձեռնարկը առցանց կատարուեցաւ 2 Մայիս 2021-ին:

Շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան,  Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան: Կատարուած աշխատանքներուն ամփոփ հաշուետուութեամբ հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայ դատի Ուաշինկթընի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Մոսկուայի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Հարաւային Ամերիկայի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու,  ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի, կուսակցութեան ուղեկից կառոյցներու` Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան  պատասխանատուները:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան, իր խօսքին մէջ մատնանշելով ՀՅԴ անցած ուղիի անկիւնաքարային դրուագները, ընդգծեց` որպէս փառապանծ անցեալի շարունակութիւն, ՀՅԴ-ն համայն աշխարհով մէկ համահայկական եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող միակ կազմակերպութիւնն է` նպատակ ունենալով զարգացնել Հայաստանն ու Արցախը, ամրապնդել պետականութեան հիմքերը, շաղկապելով հայրենիքն ու սփիւռքը: