Լրատուամիջոցներու գործակցութիւն, լրագրողներու հանդիպումներ ըսելով յաճախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ենք հայկական լրատուամիջոցներու գործակցութեան վրայ:
Այդ գործակցութիւնը խթանուած է մամլոյ խորհրդաժողովներով, խմբագիրներու յատուկ հանդիպումներով, բայց մնայուն գործակցութեան վերածուած է խմբագիրներու կամ լրագրողներու մնայուն կապերով, առցանց զրոյցներով առաւելաբար: Յատկապէս տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ հանդիպելով, զրուցելով, փորձառութիւններու եւ աշխատանքի ոճի ու մասնագիտական որակի փոխանակման նպաստած են:
Հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումները, համահայկական հարցերու ներկայացման պարագային, նպաստած են նաեւ նպատակային հեռանկարներու ուրուագծման, այլ խօսքով՝ հարցերը տարբեր դիտանկիւններէ քննելու կարելիութեան, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուական արշաւներուն դէմ դնելու միասնական ճակատի ստեղծման:
Ինչ խօսք, սակայն, որ նման հանդիպումներ օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ կ’ունենան այլ առաւելութիւններ, որոնք եւս կը հարստացնեն հայկական լրատուամիջոցներու փորձառութիւնն ու գործելաոճը եւ կը նպաստեն մեր մշակոյթը, մեր քաղաքակրթութիւնը, մեր հարցերը անոնց ներկայացնելու համար համապատասխան միջավայրի ստեղծման:
Անցնող օրերուն, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած սուրիական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը շահեկան էր քանի մը պատճառով:
Նախ առիթ էր ծանօթանալու տեղական լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու մասնագիտական որակին, ապա նաեւ՝ զիրենք իրազեկ դարձնելու հայկական թէ գաղութային շարք մը հարցերու, միաժամանակ տեղական հարցերուն շուրջ կարծիքներ փոխանակելու եւ տեղացի լրագրողներուն աշխարհահայեացքին ծանօթանալու:
Տեղացի լրագրողը հայ համայնքին, հայկական կառոյցներու գործունէութեան, Հայաստանին առնչուող տարբեր հարցերու եւ իրավիճակներու ծանօթանալու ծարաւ ունի յաճախ: Զինք կը հետաքրքրեն սուրիահայ համայնքին դերը, հայ լրագրողին կարծիքը՝ սուրիական, հայաստանեան թէ համայնքային տարբեր հարցերու մասին:
Լեզուի տարբերութիւնը բնականաբար գործակցութեան որոշակի հեռաւորութիւն կրնայ ստեղծել, սակայն ներկայ ժամանակներուն, տարբեր լեզուներով լրատուութիւն կատարելու ու լեզուական սահմանները անցնելու կարեւորութիւնն ալ կը շեշտադրէ:
Քաղաքականէն հասարակական, մշակութային, նոյնիսկ տեղեկատուական հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակումը, մասնագիտական աշխատանքի որակին եւ ոճին փոխծանօթացումը միայն շահեկան կրնան ըլլալ եւ նպաստել գէթ նոյն երկրին մէջ գործող լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու արդիւնաւէտ գործակցութեան: Այս գործակցութիւնը իր դրական անդրադարձը կրնայ ունենալ նաեւ սուրիական ընկերութեան մաս կազմող բաղադրիչներու հասարակական կեանքին վրայ:
Այս իմաստով շահեկան էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կազմակերպած տեղացի հայ թէ արաբ լրագրողներուն հրաւէր-հանդիպումը, որ ծանօթացման կողքին գործակցութեան հեռանկարներ կ’ուրուագծէր: