Արցախեան պատերազմը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ  տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու վրայ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Այդ հետեւանքները կրնան դրական ըլլալ որոշ երկիրներու համար եւ բացասական՝ այլոց համար:
Հայաստանի համար, բնականաբար, այս պատերազմը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ, եթէ երկրի իշխանութիւնները չվարեն երկրի ազգային շահերէն թելադրուած քաղաքականութիւն եւ Հայաստանի արեւելումները հաւասարակշռուած հունի մէջ չպահեն:
Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու երկրի ղեկավարին յաճախակիօրէն սպառնալիքներու լեզուով հանդէս գալը կը պարզեն, որ Ատրպէյճան շրջանի խաղաղութեան պահպանման մէջ ոչ միայն դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ, այլ՝ իր դաշնակից Թուրքիոյ հետ կրնայ Հայաստանի վրայ նոր ճնշումներ բանեցնել, եթէ ռուսական գործօնը որեւէ պահու թուլանայ, կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին դերակատարութիւնը կեանքի չկոչուի:
Ռուսիան արցախեան հարցին շուրջ իր ուրոյն մօտեցումները, ծրագիրներն ու հեռանկարը ունի։
Տարածաշրջանին մէջ որեւէ փոփոխութիւն, կամ խաղաղութեան վերջնական հաստատման ծրագրում  կախեալ է Արցախեան կարգավիճակի, ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի  հարցերէն։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ատըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած էր, որ հակառակ բարդութեան՝ Արցախի շրջանին մէջ սահմաններու առնչուած հարցերը լուծելի են:
Փաստօրէն Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ անլոյծ, եւ հայկական կողմին քաղաքական, դիւանագիտական  ճիգերը մեծ դեր կրնան ունենալ այդ հարցի լուծման մէջ, նախքան առեւտրական ճանապարհներու հաստատումն ու բանեցումը, որոնք առաւել մեծ ճնշումներու կրնան ենթակայ դարձնել Հայաստանը: Որքան ուշանայ արցախեան հարցին կարգաւորումը, այնքան կը նուազի Արցախի կարգավիճակին հաստատման հաւանականութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ հինգ տարի վերջ ռուսական ուժերուն ներկայութիւնը կրնայ վերջ գտնել Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճան կրնայ տնտեսական ճնշումներուն կողքին, տարածքային նոր ախորժակներով պատերազմի փող հնչեցնել:
Արցախեան պատերազմի հետեւանքներէն ազդուող Իրանը եւս աշխարհաքաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական  բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած է, եւ այդ բարդութիւնը կրնայ կրկնապատկուիլ, եթէ նկատի ունենանք որ Ատրպէյճան, ծառայելով իսրայէլեան շահերուն, ի սկզբանէ Իրանի հանգիստը խանգարելու նկրտումներով կ’առաջնորդուէր նաեւ, որուն համար ալ Իսրայէլի զինուորական անվերապահ աջակցութիւնը կը վայելէր պատերազմի ողջ ընթացքին։
Իսկ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան Կովկաս թափանցելու եւ ռուսական գործօնը նսեմացնելու իր նկրտումներով  դարձաւ տարածաշրջանի անդորրութեան սպառնացող գլխաւոր երկիրը,  սակայն արցախեան պատերազմին մասնակցելով չյաջողեցաւ ետ մղել ռուսական ազդեցութիւնը: Ընդհակառակն. Ռուսիան Արցախ մտնելով սանձեց Արցախի ողջ տարածքը իր տիրութեան տակ առնելու Ատրպէյճանի նկրտումները:
Միւս կողմէ ակներեւ է ԱՄՆ-ի ներկայ իշխանութիւններու դժգոհութիւնը Թուրքիոյ վարած քաղաքականութենէն: Իսկ ԵԱՀԿ Մինսքի դերակատարութիւնը վերականգնելու ճիգերը կը փորձեն հեռու պահել Թուրքիան արցախեան կարգավիճակի հաստատման գէթ քաղաքական միջամտութենէն:
Այս բոլոր տուեալները կ’ուրուագծեն արցախեան կարգավիճակի հաստատման առաջնորդող ուղիներ: Այս ուղիները նուաճելու համար Հայաստանի ժողովուրդը հարկ է որ աստիճանաբար վեր կանգնի իր ցաւերէն, ընտրէ երկրի ազգային շահերով առաջնորդուող իշխանութիւն եւ աստիճանաբար յաղթահարէ տարածաշրջանային աճող սպառնալիքները: