Համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ» ամսագիրի 2021 տարեշրջանի հինգերորդ թիւը: Կարելի է նշել, որ խախտելով հաստատուած երեք տասնամեակի աւանդոյթը մայիսեան «Դրօշակ»ը տօնական տրամադրութենէ զուրկ է եւ կ’արտայայտէ մեզի համար ոչ ուրախ ժամանակի շունչը: Այդ նոյն տրամադրութեան արտայայտութիւն է նաեւ համարի առաջնորդողը, որով փորձ կատարուած է պարզաբանելու մօտ ապագայի համապետական կարելի ընտրութիւններուն ինչ սկզբունքներու հիման վրայ անհրաժեշտ կատարել մեր եւ մեր երկրի վաղուան օրը մեծապէս կանխորոշող ճակատագրական ընտրութիւնը: Առաջնորդողին յաջորդող Անի Մելքոնեանի «Խլուած Յաղթանակներու Մայիսը» յօդուածը անդրադարձ է մէկ դար առաջ ծանր դիմակայութեան գնով ձեռք բերուած պետականութեան ձեւաւորման շրջանին, Արցախեան նոր հերոսապատումին եւ երկրին պատուհասած այսօրուան իշխանութիւններու գործունէութեան հետեւանքով կրած ծանր պարտութեան ու կորուստներուն: Հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման բախտորոշ իրադարձութիւններուն կ’անդրադառնայ նաեւ պատմաբան Արմէն Խաչատրեան: Կը կարծենք ընթերցողին համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ ընթերցելը պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Վանիկ Վիրաբեանի երկու յօդուածները, որոնց մէջ ներկայացուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան շրջանին նորաստեղծ պետութեան անվտանգութեան համակարգը կազմող Միլիցիոյ, բանակի եւ հետախուզութեան ստեղծման պատմութեան: Պատմական նիւթին անդրադարձը կը շարունակուի պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Թեհրանի «Ալիք» թերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի «Ռազմական Գործողութիւնները Հիւսիսային Իրանի Մէջ Եւ Քրիստոնեայ Բնակչութեան (հայերու եւ ասորիներու) կոտորածները 1914-1916թթ. » հետաքրքրական յօդուածի երկրորդ եւ վերջին մասով: Արցախի նիւթին «Դրօշակի» թիւին անդրադարձած է Արցախցի գրող եւ լրագրող Նորեկ Գասպարեան: Արցախի հարցին եւ ատրպէյճանական յաւակնութիւններուն իրաւաքաղաքական տեսանկիւնէն անդրադարձած է Գէորգ Յակոբճեան: Անկասկած հետաքրքրութիւն պիտի շարժէ նաեւ Վրէժ-Արմէնի յօդուածը, որ հրատարակուած գիրքին առիթով կ’անդրադառնայ թէ՛ տուեալ գիրքի հեղինակին եւ թէ յատկապէս գիրքի հերոսներուն` Պալեաններու ընտանիքին, որոնք հսկայական հետք թողած են Օսմանեան կայսրութեան ճարտարապետական դիմագիծին վրայ: «Դրօշակ»ի միւս յօդուածները եւս կ’արժանանան ընթերցողներու ուշադրութեան: «Դրօշակ»ի 2021-ի թիւ 5 թիւը համացանցի