«Ապառաժ».-7 Մայիսին Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Միաւորներու Միջազգային Համակարգի (Այսուհետեւ՝ ՄՄՀ) Կովկասագիտութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, օտար լեզուներու ամպիոնի եւ գրադարանի աջակցութեամբ կազմակերպուած է «Շուշիս» խորագիրով ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսին նպատակն է արժեւորել Շուշիի պատմական անցեալը,վերագնահատել 8-9 Մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրման նշանակութիւնը,ահազանգել Շուշին ատրպէյճանականացնելու պետական քաղաքականութեան ,փաստել, որ Շուշիին նկատմամբ պահանջատիրութիւնը համահայկական է: Ցուցահանդէսի բացումին ելոյթի խօսքով հանդէս եկած է ՄՄՀ Կովկասագիտութեան կեդրոնի գիտաշխատող Յովիկ Աւանէսով: «Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 110 գիրքեր, որոնց մէջ տեղեկութիւններ կան Շուշիի մշակոյթին եւ պատմութեան մասին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ գերմանական, ռուսական եւ Ֆրանսական փոստային բացիկներ, որոնց մէջ բացառապէս գրուած է Շուշի անունը»: Ըստ Յովիկ Աւանէսովի, այս ցուցահանդէսով կը վերիմաստաւորենք եւ կը հաւաստիացնենք այն փաստը, որ մենք հաւատարիմ ենք Շուշիի ազատագրման ոգիին: «Շուշին հայկական եղած է, կայ ու պիտի մնայ հայկական»,ըսաւ Յովիկ Աւանէսով: «Շուշիս» — պատահական չէ ընտրուած ցուցահանդէսի խորագիրը, որովհետեւ Շուշին իւաքանչիւրիս է եւ մենք պէտք է օր առաջ վերադարձնենք Շուշիի փառքը: Ցուցահանդէսի բացումին ելոյթ ունեցած է նաեւ յուշարձանագէտ, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Անոր համաձայն, մեր բոլորին ցանկութիւնն ու նպատակն է, որ մնացած ցուցահանդէսները կազմակերպուին Շուշիի մէջ: «Շատ շուտ պէտք է դուրս գալ համազգային սուգէն եւ շատ արագ սկսիլ վերականգնելու մեր կորսուածը: Ցաւօք սրտի, մեր տղոց ետ չենք կրնար բերել, սակայն մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը, մեր քաղաքներն ու բնակավայրերը կրնանք ետ բերել, եթէ պատմութեան դասերը ի նկատի ունենանք», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Խօսելով ցուցահանդէսին մասին` ան կարեւոր համարեց նորահաս սերունդին ցոյց տալ այն պատկերը , որ ունեցած է հայկական Շուշին: Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ գրականագէտ, հրապարակախօս Սոկրատ Խանեան: «Որքան ալ աւազակաբարոյ ուժերը կարենան ժողովուրդներէն խլել իրենց պատմական մեծ քաղաքները եւ գիւղերը, տարածքները, միեւնոյնն է, եթէ այդ տարածքները դաջուած են տիրոջ սրտին վրայ, միեւնոյնն է անոնք պէտք է վերադարձուին», իր ելոյթին մէջ յայտնած է Սոկրատ Խանեան: Սոկրատ Խանեան ըսաւ, որ Շուշիի մասին գեղարուեստական գիրքեր կան, հազարաւոր երգեր կան, իսկ երգը ժողովուրդի հոգիին ձայնն է, այնպէս, որ Շուշին եղած է հայկական, հայերը կերտած են եւ դարձեալ պիտի ըլլայ Արցախ աշխարհի զարդը: «Շուշին պէտք է շնչէ իր հայկական ոգիով: Որքան ալ, որ այսօր մեր հարեւանները եկեղեցւոյ գմբէթը փոխեն եւ այլն, անիկա միամտութիւն, տգիտութիւն եւ անարգանք է հարեւան ժողովուրդին հանդէպ: Այնպէս, որ նաեւ Շուշիի մայր եկեղեցին պէտք է դիմէ Աստուծոյ հայերէն` հայ ժողովուրդի անունով»,եզրափակեց իր ելոյթը Սոկրատ Խանեան: