Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները, որոնք իրենց անմեղ արտայայտութիւններով գարնանային քաղցրաբոյր բնութիւնը կը յիշեցնէին, աւարտական հանդիսութեամբ բեմ բարձրացան, հաստատելով, որ երեք տարիներու իրենց հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, հաստատուն քայլերով պատրաստ են ուղղուելու դէպի ուսումնակրթական բարձր կարգեր:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 9 Մայիս 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Վարժարանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Յովսէփ Գասապեանի, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, Մանկապարտէզի հիմնադիր բարերար Տէր եւ Տիկ. Կարպիս Յարութիւնեանի եւ շրջանաւարտ փոքրիկներու ծնողներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգուշեան, որ հակիրճ կերպով մատնանշեց շրջանաւարտ փոքրիկներուն երեք տարիներու ուսումնակրթական ուղին: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց վարժարանի հոգաբարձութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին եւ յատկապէս վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին, որ հօր նման կը հոգայ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ուսումնակրթական կարիքները:
Օրուան թեման նուիրուած էր մեր երկու գանձերուն՝ Հայաստանին եւ Սուրիական Հայրենիքին: Աշակերտները շրջագայելով Հայաստանի տեսարժան եւ ազգային արժէք ներկայացնող վայրեր, հարազատ արտայայտութիւններով ներկայացուցին Մայր Հայաստանի մեր արժէքները եւ անոնց հանդէպ մեր ունեցած կապուածութիւնը: Անոնք մանկական անկեղծ երեւակայութեամբ այցելեցին Արարատ լեռ, յաղթանակի այգի, «Մայր Հայաստան» յուշարձան, Հանրապետութեան Հրապարակ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, հիւսիսային պողոտայ: Այցելելով Ծիծեռնակաբերդ, անոնք ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին առջեւ՝ յարգելով մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: «Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշակոթողին առջեւ, անոնք յիշեցին վիրաւոր Արցախը եւ անկեղծութեամբ պնդեցին մեր պապենական հողերը վերադարձնելու իրենց մարմաջը:
Երգչախմբային կատարումով փոքրիկները արտայայտեցին իրենց հայրենասիրութեան ոգին:
Բեմը զարդարուած էր Հայաստան աշխարհը յիշեցնող նուռերով, ողկոյզներով, ցորենի հասկերով, հայկական զարդանախշերով, Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ սուրիահայ աղջիկն ու տղան ներկայացնող պատկերներով, որոնք գծագրուած էին Ֆիմի Օհանեան-Կարապետեանի կողմէ, իսկ բեմի յարդարանքը պատրաստուած էր՝ օրդ. Մարիա Եղիայեանի եւ տիար Յովիկ Օհանեանի աշխատանքով:
Այնուհետեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանի ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխում:
Տնօրէնը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան յիշեց Արցախի մէջ անմահացած նահատակներուն զաւակները: Մատնանշելով թուրք թշնամիին ոճրագործական արարքները ինչպէս հայ ժողովուրդին դէմ, նոյնպէս ալ Սուրիական Հայրենիքէն ներս: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան եւ հետեւողական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ Ազգային Իշխանութեան եւ վարժարանին նկատմամբ իրենց հոգատարութիւնը ցուցաբերող բոլոր մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն՝ Կրթասիրաց Սանուց Միութեան (Ա. Միացեալ Նահանգներ), Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին, Տորքաս հաստատութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին Վարժարանին: Ի վերջոյ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի պետական տնօրէնին եւ Հալէպի պետական կրթական տնօրէնին:
Աւարտին, Հայր Սուրբը իր սըրտին խօսքը ուղղեց, Առաջնորդ Սըրբազան Հօր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով միութեան խնամակալութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտ փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ միութեան դալարագեղ պարտէզէն ներս:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան