Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի համբարձման կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը։ Անիկա Քրիստոսի Յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու խորհրդանիշն է։
Համբարձման տօնը ունի իր աւանդութիւնները, որոնք հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կը պահպանէ եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ։
Արդ, Հինգշաբթի 13- Մայիս 2021- ի յետմիջօրէի ժամը 4։00- ին, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ- ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Հիմօ գիւղի Սուրբ Ֆապրոնիա կոյսի ուխտավայրը։ ։Գամիշլիի մէջ սովորութիւն դարձած է Համբարձումը բացօթեայ տօնելը եւ իղձերն ու փափաքները յայտնելով որպէս նշան թել կապելը յատկապէս այս եկեղեցւոյ մէջ յենելով վառվար կոյսի ուխտավայրի օրինակին վրայ։
Արդ, պահելով մեր հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք մեր ազգային պատկերը կ՛ամբողջացնեն նամանաւանդ սփիւռքի մէջ ուր սերունդները կարիքը ունին կառչելու իրենց արմատներուն։ Խաչուհիները կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան։ Անոնք նախ դիմաւորեցին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ ՏԼեւոն Վրդ . Եղիայեանը, Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, թաղականութիւնն ու դպրաց դասը, որոնք միացան ուխտագնացներուն եւ երեկոյեան Աստուածամօր աղօթքը կատարեցին Հիմոյի եկեղեցւոյ մէջ։
Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ ժողովուրդին թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ փակը, ուր «Անդաստան»ի աղօթքը կատարեցին։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համբարձման տօնի նշանակութեան եւ անոր հետ կապուած աւանդութիւններուն, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը պահելու մեր աւանդութիւնները, յարգելու եւ յիշելու մեր սուրբերը։ Ապա գնահատեց ՍՕԽ-ի աշխատանքը, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգում, ուր աղջիկները իրենց բախտաթղթիկը ստացան, քառեակները կարդալով զուարթ եւ ուրախ մթնոլոտ ստեղծեցին, ապա վիճակահանութիւն բաշխուեցաւ եւ օրուան բախտաւորները ստացան իրենց նուէրները։
Աւարտին հարսի թոյլ ու թագ հագցուցին նշանուած աղջիկներուն։
Վարչութիւնն ու խմբապետական յանձնախումբը հիւրասիրութիւն կատարեցին։
Աւարտին երգերով եւ բարմաղթանքներով ուխտագնացները վարադարձան Գամիշլի։

Վիճակ-վիճակ ծաղկավիճակ,
Շալէ շապիկ նախշուն կոճակ,
Եկան տարան տիրոջ դուռը,
Ճակտին զարկին կարմիր նուռը,
Ջան ծաղիկ, համբարձում.

Բժշկհ. Մարի Մելքոն