«Արմէնփրէս».- 13 Մայիս 2021-ին ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին յանձնարարեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանին եւ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին` խորհրդակցութիւններ սկսելու ՀԱՊԿ-ին հետ` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու որոշ հատուածներուն մէջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու կողմէն ՀՀ պետական սահմանի հատման առնչութեամբ: