«Երկիր».-ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի սահմանամերձ մարզերու մէջ իրավիճակին միջազգային արձագանգին գծով: «Անգամ մը եւս կ’ընդգծենք, որ ատրպէյճանական կողմը ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր միջազգային գործընկերներուն կոչերը` ուղղուած Ատրպէյճանին` անյապաղ դուրս բերելու իր զինուած ստորաբաժանումները ՀՀ տարածքէն: ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը յոյսով է, որ ատրպէյճանական կողմը կ’անսայ այդ կոչերուն եւ իրադրութեան հետագայ լարման չ՚ուղղուիր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական է բոլոր միջոցները ձեռնարկելու` ապահովելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն մասին տեղեկացուցած է նաեւ իր գործընկերներուն տարբեր հարթակներու վրայ»: