Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը Կազզայի Զայթուն, Ռմալ եւ Սապրա թաղամասերը ռմբակոծեցին, որուն հետեւանքով վիրաւորներ եւ նիւթական ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան։ «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւերը թիրախ դարձուցին նաեւ Կազզայի «Մուխայյամ Պրէճ» շրջանը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհ մը եւ վիրաւորներ։ Մինչեւ օրս Կազզայի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 140-ի, անոնց կողքին կան հազարաւոր վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։