«Երկիր».-12 եւ 13 Մայիսին, «սահմաններու ճշգրտման» պատրուակով ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու կողմէն  Հայաստանի  Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներու հանդէպ իրականացուած ոտնձգութիւններէն վերջ ստեղծուած իրադրութիւնը տակաւին չէ փոխուած: Այս մասին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  յայտարարութեամբ հանդէս եկած է.

«Հայկական կողմը ատրպէյճանական զինուորականներին ներկայացրել է իր յստակ պահանջը` առանց որեւէ նախապայմանի ելման դիրքեր վերադառնալու վերաբերեալ:

Խնդիրը խաղաղ հանգուցալուծելու նպատակով դեռեւս 12 Մայիսից սկսուած բանակցութիւնները կը շարունակուեն վաղը:

Այսօր առաւօտից համացանցում եւ տարբեր լրատուամիջոցներով շրջանառուող տեղեկութիւնները ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումների առաջխաղացման նոր դէպքերի մասին չեն համապատասխանում իրականութեանը:

Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները 13 Մայիսից յետոյ ոչ միայն առաջ չեն եկել, այլեւ, հայկական ԶՈՒ գործողութիւնների արդիւնքում ստիպուած են եղել հեռանալ որոշ տարածքներից:

Եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում ձեռնպահ մնալ չստուգուած, առաւել եւս կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց, մանաւանդ այսպիսի զգայուն խնդիրների շուրջ:

Իրադրութեան ցանկացած զարգացման դէպքում Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կը գայ համապատասխան յայտարարութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: