Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, պաղեստինեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ պաղեստինեան դիմադրութեան ուժերը Կազզայէն տասնեակ հրթիռներ արձակեցին Թել Ապիպի եւ Պըըր ալ Սապըհ, Ասքալան ու Աստուտ սիոնիստական բնակավայրերուն ուղղութեամբ։ Այս վերջինները 1948-էն ի վեր գրաւուած պաղեստինեան հողատարածքներ են։
Հրթիռակոծման հետեւանքով արձանագրուեցան 9 մեռեալներ եւ աւելի քան 120 վիրաւորներ։