«Երկիր Մետիա».-Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-իւ Լը Տրիան արցախեան հակամարտութեան հարցը հեռախօսով քննարկած է ԱՄՆ պետքարտուղարին հետ:

Էնտօնի Պլինքըն Թուիթըրի վրայ գրած է, որ զրոյցի ընթացքին ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

ԱՄՆ պետքարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ, որ Պլինքըն ու Լը Տրիան խօսած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու գործակցութեան մասին: Իսկ հեռախօսազրոյցի առանցքային թեման  եղած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը: