«Հրապարակ».- Սիւնիքի մէջ 17 Մայիս 2021-ին տեղի ունեցած ռուս-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն եւ ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին մանրամասնութիւններ փոխանցուած են: Տեղեկութիւններուն համաձայն, ատրպէյճանցիները պիտի մնան ՀՀ տարածքին մէջ` մօտաւորապէս 2 քիլոմեթր տարածութեամբ, սահմանէն ներս, այդ հատուածին մէջ ատրպէյճանցիները ու հայերը  4-ական դիրք պիտի ունենան: Դիրքերու վրայ ռազմական ծառայութիւնը պիտի իրականացնեն կանոնաւոր բանակի ծառայողները, որոնք զինուած պիտի ըլլան միայն թեթեւ հրաձգային զէնքերով:

 

Աղբիւրին համաձայն, այս բանակցութիւնները վարած են բացառապէս ռուսերը` Մուրատովի գլխաւորութեամբ, բանակցութիւնները անցած են շատ ծանր, ատրպէյճանցիները աւելին  պահանջած են, սակայն ռուսերը բաւական կտրուկօրէն մերժած են եւ յստակօրէն հասկցուցած են որ այսքանը արդէն իսկ մեծ զիջում է:

Յիշեցնենք, որ 12 Մայիսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հատած էին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը եւ Սիւնիքի մէջ խորացած էին մինչեւ 3,5 քիլոմեփր` շրջափակելով Սեւ լիճը:

 

Վարդենիսի տարածքին մէջ նոյնպէս յառաջխաղացում  եղած էր թշնամիի կողմէն, սակայն Գեղարքունիքի մարզին հետ կապուած տակաւին որեւէ մանրամասնութիւններ չկան: Բանակցութիւնները ի դէպ 2 օրէն դարձեալ պիտի շարունակուին, թերեւս այս անգամ  Վարդենիսի յառաջխաղացման մասին:

Սա յաղթանակ անուանել  կարելի չէ, եթէ ամէն ներխուժումէն վերջ 3-ական քիլոմեթր յառաջ գան, ապա 1 քմ նահանջեն, մեր երկրէն բան չի մնար: