“Երկիր”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ ատրպէյճանական կողմը այսօր բանակցութիւններուն չէ ներկայացած։ «Այսօր՝ 19 Մայիսին, ժամը 14։00-ին, պէտք է շարունակուէին ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման շուրջ բանակցութիւնները։ Հակառակ վաղօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան, ատրպէյճանական կողմը բանակցութիւններուն չէ ներկայացած», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ։