“Երկիր”._Հնդկաստան մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակով: Այս մասին Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղարը յայտարարած է ի պատասխան լրատուամիջոցներուն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին մասին տրուած հարցումներուն: «Զօրքերու տեղաշարժով սահմանի խախտումը կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը եւ յանգեցնել զինուորական նոր գործողութիւններու: Մենք իրավախախտ կողմին կոչ կ’ուղղենք անյապաղօրէն ետ կանչելու իր ռազմական ուժերը եւ դադրեցնելու հետագայ սադրանքները», ըսած է խօսնակը: Ան շեշտած է, որ Հնդկաստանը միշտ հանդէս եկած է քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով երկկողմ վէճերու խաղաղ կարգաւորումով: «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը անհրաժեշտ են տարածաշրջանային անվտանգութիւնը ապահովելու համար», ըսած է հնդիկ պաշտօնեան: