«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալէ, որ Ատրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէն:
«Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատէ «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսած է Փորթըր` հեռաձայնային մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ան շեշտած է, որ սահմանագծման առնչուած բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով: