«Ազատութիւն».- Քիչ առաջ Քրեմլինի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են. «Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Իլհամ Ալիեւ այսօր տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ստեղծուած իրավիճակին հանգուցալուծումը պէտք է իրականացուի դիւանագիտական միջոցներով»: Կողմերը անդրադարձած են ատրպէյճանա-հայկական սահմանին վերջերս տեղի ունեցած միջադէպին: Անոնք համաձայնած են կարգավիճակը բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով լուծելու գծով», հաղորդած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը: Պաշտօնական Երեւանը հաղորդած է, որ 12 Մայիսէն սկսեալ ատրպէյճանական զինուժը առնուազն երեք ուղղութիւններով ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ փաստօրէն հաստատուած է քանի մը քիլոմեթր խորութեան վրայ: Ատրպէյճանի հետ սահմանին ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ Հայաստան պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահին ռազմական օգնութեան համար: Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա Ատրպէյճանէն պահանջած են դուրս բերել իր զինուորական ծառայողները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, իսկ Ռուսիան առաջարկած է սկսիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացը` անոր յաջորդող սահմանագծումով: Պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, թէ ատրպէյճանական բանակը «ուղղակի կը զբաղեցնէ իր դիրքերը»: