«Արմէնփրէս».-Հայ ռազմագերիները պէտք է անյապաղօրէն ազատ արձակուին: «Արմենփրէս»-ի հաղորդումով` այս մասին ըսաւ Եւրոխորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Ֆրանսուա-Քսաւի Բելլամին ԵԽ լիագումար նիստին  Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին ռազմագերիներու նիւթով քննարկումին:

Պատգամաւորը նախ շեշտեց, որ վերջապէս մարդասիրական բնոյթի այս կարեւոր հարցը կրցած են ընդգրկել օրակարգ: Ան ԵԽ ամպիոնէն շեշտեց` Ատրպէյճանը կը հրաժարի յայտնելու, թէ տակաւին քանի մարդ  պահուած է, իսկ Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր ընտանիքներ կան, որոնք չեն գիտեր` իրենց որդին մահացած է, ո՞ղջ է, գերի՞ է:

«Ալիեւ կը խօսի խաղաղութիւնը յարգելու մասին, ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ անոր, երբ այսօր ան խախտած է Հայաստանի տարածքը: Ոչ մէկ դիւանագիտութիւն չի կրնար արդարացնել հիմնարար իրաւունքներու այդ չարաշահումը: Ռազմագերիները պէտք է ազատ արձակուին` առանց յետաձգման»,եզրափակեց ԵԽ պատգամաւորը:

Անոր ելոյթէն վերջ դահլիճին մէջ ծափահարութիւններ հնչեցին: