Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ յայտնեց, որ Երեւանի մէջ սուրիահայերը առաւօտեան ժամերէն իսկ սկսան մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն, արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ սուրիական բանակին եւ շեշտելով, որ սուրիացիները միայն իրաւասու են իրենց երկրին ապագան ուրուագծելու։