«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ 20 Մայիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպուած է «Ընդդէմ Ստուերային Համաձայնութիւններու» խորագիրով բողոքի ցոյց: Ցոյցի մասնակիցները իրենց աջակցութիւն յայտնած են Երեւանի մէջ իրականացուած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն եւ յայտարարած են, որ ՀՀ իշխանութիւններու կողմէն իրականացուող քայլերը իրենց հետ բերած են նորանոր աղէտալի հետեւանքներ ինչպէս ՀՀ-ին, նոյնպէս էլ Արցախին համար: Հանրահաւաքի մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ շրջանառուող փաստաթուղթին, որով ՀՀ իշխանութիւնները նոր դաւադրութիւն իրագործած են: ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարած է նաեւ, որ սկիզբ առած պայքարը շարունակական պիտի ըլլայ: