«Երկիր».-Պաքուն պատրաստ է Երեւանի հետ առեւտրային կապերու, բայց անոր համար Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը պէտք է ճանչնան իրար սահմանները. յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Մենք պատրաստ ենք Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ, նաեւ Հայաստանի հետ ազատ առեւտուրի: Բայց անիկա կը պահանջէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու փոխադարձ ճանաչում: Մեր կողմէն մենք պատրաստ ենք ճանչնալու Հայաստանի սահմանները: Բայց Հայաստանն ալ, իր կարգին, պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի սահմանները՝ Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս: Այնպէս որ` մենք կը սպասենք գործողութիւններ հայկական կողմէն», հինգշաբթի ըսած է Ալիեւ: