«Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆեր (ԱՄՆ) 28 Մայիսին յայտարարութիւն տարածած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման եւ Հայաստանի տարածք Ատրպէյճանի ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած սահմանային իրավիճակին մասին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Համանախագահները Ժնեւի մէջ 27 եւ 28 Մայիսին խորհրդակցութիւններ կատարած են Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրերի եւ ՄԱԿ-ի` փախստականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփինօ Կրանտիին հետ: ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քեսպրչիք եւս մասնակցած է հանդիպումներուն: Համանախագահները ի գիտութիւն ընդունած են 27 Մայիսին վեց հայ զինուորներու գերեվարման տեղեկութիւնը եւ կոչ ուղղած են ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները ու այլ ձերբակալուածները` «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Համանախագահները կարեւոր համարած են գերիներուն միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան վերաբերելու պարտաւորութիւնը: Անոնք խստօրէն յորդորած են կողմերը անյապաղ վերացնելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական հասանելիութեան բոլոր սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած են կողմերուն կեանքի կոչելու բոլոր յանձնառութիւնները, որոնք ստանձնած են 9 Նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեամբ: Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են հայ-ատրպէյճանական` սահմանագծումի չենթարկուած սահմանին գրանցուած միջադէպերու առնչութեամբ: Անընդունելի է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը` սահմանային վէճերը լուծելու հարցին մէջ: Կոչ կ’ուղղենք երկու կողմերուն ձեռնարկելու հրատապ քայլեր, եւ վերատեղակայելու զինեալ ուժերը` իրադրութեան լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բանակցութիւններ սկսելու համար` սահմանին խաղաղ ճանապարհով սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու համար: Համանախագահները պատրաստ են աջակցելու գործընթացի դիւրացման», ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: Կարեւոր համարելով տարածաշրջանի ժողովուրդներու կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան` անոնք յորդորած են կողմերուն կարելի ամենաւաղ ժամկէտներուն գործել համանախագահներու հովանիին տակ: