Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ մէջ 250. 445 աշակերտ աշակերտուհիներ ներկայացան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական կարգի (պաքալորիա) պետական քննութիւններուն։
Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան համաձայն գրական բաժինէն ներկայացաւ 76.076 աշակերտ, իսկ գիտական բաժինէն՝ 131. 863 աշակերտ, որոնք տարածուեցան 1813 քննութեան կեդրոններու մէջ։
Նախօրօք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ քննութեան կեդրոններէն ներս քննութեան ընթացքը հեզասահ ընթանալու համար բոլոր միջոցները որդեգրուած են։
Երկրորդականի աւարտական կարգի (պաքալորիա) պետական քննութիւններու գիտական բաժինինը կը շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ 22 Յունիս 2021, իսկ գրական բաժինինը՝ 20 Յունիս 2021։