Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. Նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով:
Մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ցոլին Պալեան ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց հովանաւորութեամբ, աջակցութեամբ եւ անխոնջ աշխատանքով թեւ եւ թիկունք կանգնեցան մանկապարտէզի յառաջընթացին։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն բարձր գիտակցութեան համար, որովհետեւ անոնք վստահեցան իրենց սրտի հատորները՝ զաւակները ժրաջան մշակներուն՝ ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց կարգին ճիգ չխնայեցին փոքրերու աշխարհը միշտ հեքիաթային եւ գունագեղ դարձնելու համար: Ապա ան շնորհաւորեց ինքնավստահ, տիպար ու խիզախ հայ աշակերտները, իրենց անդրանիկ վկայականին առիթով, մաղթելով բարի երթ դէպի լուսաճաճանչ ապագայ:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Պատրիէ Խտր Սալեմ:
Ապա բեմահարթակ բարձրացան փոքրիկները: Անոնց տեսքն ու եռանդը խանդավառեցին հանդիսականները:
Շրջանաւարտները երգեցին Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզի քայլերգը, ապա ներկայացուցին օրուան նիւթը՝ տիեզերքը, ներկայացնելով մոլորակները եւ մեր կեանքով լեցուն երկրագունդը։ Անոնք խօսեցան Սուրիոյ, Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի փառքերուն մասին:
Հանդէսի ընթացքին փոքրիկները երգեցին երեք լեզուներով, պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր: Ճկուն շարժուձեւերով անոնք հմայեցին հանդիսականները, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ծափողջոյններու տարափով:
Յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական նազ պարով եւ շուրջ պարով:
Ապա վարժարանիս տնօրէնուհի տիկին Հուրի Գարամարտեան իր խօսքը արտասանեց հակիրճ տեղեկութիւններ տալով 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան մասին: Ան աշակերտներուն դէպի նախակրթարանի շարքերը բարի երթ մաղթեց:
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի բարի մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Մանկապարտիզպանուհի՝
Ցոլին Պալեան