Չորեքշաբթի, 2 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Խրիմի նախագահ Սերկէյ Աքսիոնով շնորհաւորագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելուն առիթով։ Նախագահ Աքսիոնով ըսաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդը անգամ մը եւս իր վստահութիւնը յանձնեց ձեզի՝ հաստատելով, որ դուք էք իր միակ պաշտպանը եւ ձեր ճիգերով է, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի»։ Ան աւելցուց. «Այսպիսով, մենք կրնանք շարունակել Սուրիոյ եւ Խրիմի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններու գործնականացումը, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ երկու երկիրներուն տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան վրայ»։ Նախագահ Աքսիոնով եզրափակելով յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Ասատին, համոզում յայտնելով, որ ան Սուրիոյ ժողովուրդին իրավիճակը պիտի բարելաւէ։