Չորեքշաբթի, 2 Յունիս 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Դամասկոսի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել, նախագահ Ասատին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելէն ետք։ Հատտատ ըսաւ. «Զարմանալի չէ, որ ԱՄՆ կը շարունակէ իր այս ընթացքը Սուրիոյ հանդէպ, յատկապէս, որ Սուրիոյ ժողովուրդը անգամ մը եւս քուէարկեց նախագահ Ասատին ի նպաստ եւ զայն իր նախագահը վերընտրեց չորրորդ անգամ ըլլալով»։ Յիշենք, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն, Սուրիոյ ժողովուրդը ձայներու 95,1 առ հարիւր տոկոսով նախագահ վերնտրեց Պաշշար ալ Ասատը։