Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութեան կողմէ տարածուած այն տեղեկատուութիւնը, որ կ՚ըսէ, թէ 1 Յունիսի երեկոյեան հայ զինուորները հատած են ատրպէյճանական սահմանը:

Ատրպէյճանական կողմը հաղորդած էր, որ 1 Յունիսին, ժամը 20: 00-ի սահմաններուն, մօտաւորապէս 40 հայ զինուոր խախտած է Ատրպէյճանի սահմանը Քելբաջարի շրջանին մէջ եւ 400 մեթր առաջ անցած է Արմուդլու գիւղին ուղղութեամբ: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ձեռնարկած ծրագիրներու հետեւանքով հայ զինուորները լքած են Ատրպէյճանի տարածքը:

«ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, ո՛չ 1 Յունիսին եւ ոչ էլ դրան նախորդող օրերին, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանը չեն հատել, եւ դրա վերաբերեալ բոլոր պնդումներն այդ երկրի պաշտպանական գերատեսչութեան կողմից տարածուող ապատեղեկատուութիւն են, որի ծաւալը, վերջին շրջանում, էապես աւելացել է։ Մասնաւորապէս՝ օրեր առաջ էլ Ատրպէյճանի ՊՆ-ն պնդում էր, թէ հայկական կողմը կրակ է բացել ինչպէս հայ-ատրպէյճանական սահմանին, այնպես էլ Շուշիի ուղղութեամբ տեղակայված ատրպէյճանական դիրքերի վրայ, ինչը հերքուեց, համապատասխանաբար՝ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւնում խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ՌԴ զորախմբի հրամանատարութեան կողմից», ըսուած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Նմանատիպ ապատեղեկատուութիւնը, ըստ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան, ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը շրջանառութեան մէջ կը դնէ «ՀՀ զինեալ ուժերու կողմէն հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրադրութիւնը սրելու փորձերու մադօն միջազգային հանրութեան շրջանին տպաւորութիւն ստեղծելու, եւ Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէն 12 եւ 13 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներթափանցելու սադրանքը հակակշռելու նպատակով»։

https://www.azatutyun.am/a/31286437.html