«Արմէնփրէս».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ելիսէեան պալատին մէջ հիւրընկալուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ:

Դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու երկիրներու առաջնորդները ԶԼՄ ներկայացուցիչներուն համար հանդէս  եկած են յայտարարութիւններով:

Իր խօսքին մէջ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է. «Հայաստան այսօր անվտանգութեան լուրջ ճգնաժամի մէջ է: 9 Նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութենէն ի վեր, որ վերջ դրաւ Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւններուն, մենք պարոն Փաշինեանին հետ գնահատելով իրավիճակը` նկատած ենք, որ եթէ նոյնիսկ  հրադադարը ընդհանուր առմամբ  պահպանուած է, շատ ընելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է իր օժանդակութիւնը բերելու` ի նպաստ բնակչութեան: Առաջին կարգին խօսքս կը վերաբերի բոլոր գերիներուն` ռազմագերիներու եւ անազատութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերու ազատ արձակման:

Կ’ուզեմ առանձնապէս ընդգծել Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, որ անպայման պէտք է պահպանուի: Եւ որպէս ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր` ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ կողքին Ֆրանսայի պարտքն է ամէն ինչ ընել` հաստատելու երկխօսութիւն կողմերու միջեւ:

Կ’ուզեմ խօսիլ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին միջադէպերուն մասին: Ինչպէս արդէն ըսած էի պարոն Փաշինեան, սահմանագծման եւ սահմանազատման բոլոր աշխատանքները պէտք է իրականացուին բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով եւ ոչ մէկ պարագայի պէտք է դիմել ուժի: Ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է դուրս քաշուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, եւ ես կոչ կ’ուղղեմ կողմերուն վերադառնալ ելման դիրքեր: Մենք կը փորձենք օգնել երկխօսութեան հաստատման համար:

Այս դժուար իրավիճակին, ուր յայտնուած է Հայաստան, Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է»:

Իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է. «Շնորհակալ եմ, մեծարգոյ պարոն նախագահ, սիրելի Էմանուէլ,

Նախ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել հրաւէրին համար: Եւ այսօր ինչպէս նշեցիք` շատ լայն օրակարգ ունինք քննարկելու: Ես կ’ուզեմ նախ ընդգծել, որ Ֆրանսայի նախագահը տակաւին վաղուցուընէ ունի այցելութեան նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութիւն, որ նախորդ տարի պսակաձեւ ժահրի պատճառով տեղի չունեցաւ: Յոյս ունիմ, որ մենք միասին պսակաձեւ եւ միւս ճգնաժամերը կը յաղթահարենք: Սիրով կը սպասեմ աշնան, կը սպասենք Ձեզ Երեւանի մէջ, պարոն նախագահ:

Ֆրանսան ու Հայաստան ունին առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս ընթացքին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս զգացած է Ֆրանսայի եւ նախագահ Մաքրօնի անձնական աջակցութիւնը: Շատ կարեւոր հանգամանք  կ’ուզեմ ընդգծել, որ նախագահ Մաքրօն մեր տարածաշրջանի մէջ ճգնաժամի մեկնարկի առաջին օրէն սկսեալ խօսած է ճշմարտութեան լեզուով եւ այդ ձայնը լսելի  եղած է ամբողջ աշխարհին: Սա շատ կարեւոր է մեզի համար: Կ’ուզեմ ընդգծել, որ Ֆրանսան եւ նախագահ Մաքրօնը այդ յանձնառութիւնը կը շարունակէ, եւ սա չափազանց կարեւոր է մեր տարածաշրջանի ճգնաժամային իրավիճակները յաղթահարելու առումով:

Կ’ուզեմ ընդգծել, որ կարեւոր կը համարենք Ֆրանսայի դերը որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր եւ չափազանց կարեւոր է համանախագահութեան գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին ու  տարածաշրջանային ճգնաժամերու կարգաւորման, երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու գործին մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ պատերազմի աւարտէն վերջ արդէն համանախագահները երեք յայտարարութիւն  կատարած են, որով ըստ էութեան, կ’արձանագրեն իրենց պատրաստակամութիւնը փոխադարձաբար ներգրաւելու եւ վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները:

Ի հարկէ այսօր մենք կը քննարկենք նաեւ այդ կարելիութիւնները: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսային այս ընթացքին մէջ ցուցաբերած նաեւ մարդասիրական աջակցութեան համար, բայց մենք կ’ընդգծենք Ֆրանսայի տնտեսական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ ծրագիրներ` ենթակառուցուածքային, ուժանիւթի, տնտեսական, որոնց մէջ Ֆրանսայի ներգրաւուածութիւնը մեզի համար չափազանց կարեւոր է: Եւ ուրախ եմ արձանագրելու, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ նախագահ Մաքրօն անձամբ նոյնպէս հետաքրքրուած են այդ ծրագիրներու  ներգրաւուածութեամբ:

Շատ կարեւոր կը համարեմ նաեւ Ֆրանսայի եւ նախագահ Մաքրօնի անձնական նախանձախնդրութիւնը մեր տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ, յատկապէս` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Եւ ի հարկէ,  այս բոլոր ուղղութիւններով շատ բարձր կը գնահատենք Ֆրանսայի ներգրաւուածութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայ ժողովուրդը շահագրգրուած է այդ ներգրաւուածութեան մեծացումով, մանաւանդ որ, կրկին կ’ըսեմ , ֆրանսան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահի կարգավիճակով ունի պատասխանատուութիւն եւ ներգրաւուածութիւն` տարածաշրջանի անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ երկարատեւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Եւ ուրախ եմ, որ այդ շահագրգռուածութիւնն ու հետաքրքրութիւնը պահպանուած է:

Կրկին անգամ, մեծարգոյ պարոն նախագահ, սիրելի Էմանուէլ, շատ ուրախ եմ նաեւ անձնական առումով այսպիսի շփման առիթ ունենալու համար եւ համոզուած եմ, որ այսօրուան մեր քննարկումները կը ծառայեն ի շահ մեր երկիրներու բարեկամութեան ու մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան: Այդ գործին մէջ Ձեր դերը իսկապէս չափազանց կարեւոր է»:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրօն բանակցութիւնները շարունակած են առանձնազրոյցի ընթացքով` քննարկելով  հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, տնտեսութեան ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացոումները, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած հետագայ քայլերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման կարելիութիւնները: