ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները 2 Յունիսին ցոյց իրականացուցին ՀՀ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանին դէմ:

ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան շէնքին  առջեւ ցոյցի ընթացքին ըսաւ, որ

միանշանակ է, որ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պետութիւնը, առնուազն  զոհուածներու մարմինները սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ պահելու դէպքէն մեկնելով, եթէ մարդկային որեւէ արժէք ունի, պէտք է հրաժարական տայ եւ հեռանայ:

Երիտասարդները վանկարկեցին` «Անահի՛տ, իջիր», եւ ըսին, որ ունին յստակ պահանջ` հանդիպելու եւ  քանի մը հարց տալու ՀՀ առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին:

Սեւակ Նազարեան արձանագրեց, որ սա այն պետութեան պատկերն է, որն այս իշխանութիւնը կրցած է դարձնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Անոնք պահանջեցին, որ առողջապահութեան նախարարը գայ այդտեղ եւ արձանագրեցին, որ այն 20 օրը, որ մնացած է այս իշխանութեան, նախարարը բարոյական իրաւունք չունի պաշտօնավարելու:

«Այս համակարգը ինքն է արժանի այդ տոպրակներու մէջ փաթթուելու եւ նետուելու աղբանոցը», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:

Ցուցարարները պոլիէթիլենային տոպրակներ նետեցին նախարարութեան շէնքին վրայ:

Երիտասարդներու եւ ոստիկաններու միջեւ քաշքշուք սկսաւ :

«Անհայրենիք ոստիկաններ էք», արտայայտուեցան ցոյցի մասնակիցները:

ՀՅԴ  քանի մը անձեր կոպիտ ուժով բերման ենթարկեցին: Բերման ենթարկուածներու մէջ էին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան, ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի անդամ Հայկազ Յարութիւնեան, ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Արսէն Մարդոյեան: Սեւակ Նազարեանին քաշքշեցին, բայց տանիլ չկրցան: