Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Հզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սեյիտ Հասան Նասրալլա լիբանանեան դիմադրութեան պատկանող «Մանար» պատկերասփիւռային կայանին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով արտասանած իր ճառին մէջ անդրադարձ կատարեց սուրիական նախագահական ընտրութիւններուն ըսելով. «Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները ահաբեկչութեան դէմ ձեռքբերուած ռազմական յաղթանակին քաղաքական իմաստը արտայայտեցին»։ Նասրալլա աւելցուց. «Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ սուրիական եւ լիբանանեան դիմադրութեան ձեռքբերած յաղթանակը սուրիական նախագահական ընտրութիւններուն քաղաքական յաղթանակով թագադրուեցաւ։ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ միլիոնաւոր սուրիացիներ մասնակցեցան ընտրութիւններուն եւ անցեալ տարիներուն ընթացքին ձեռքբերուած ռազմական յաղթանակին քաղաքական իմաստը արտայայտեցին»։ Անդրադառնալով Պաղեստինի դէմ Իսրայէլի մղած գրոհին, Նասրալլա ըսաւ. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Պաղեստինի, Երուսաղէմի եւ «Աքսա» մզկիթին մէջ կը փաստէ, որ մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի թշնամիի մը, որ նման արարքներով կը ջանայ իր ներքին տագնապները ծածկել» ։