Չո­րեք­շաբ­թի, 8 Յու­նի­սին, Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար դոկ­տոր Ֆայ­սալ Միք­տատ ստանձ­նեց Սուր­իոյ մէջ Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան նոր դես­պան Սա­միր ալ Ռի­ֆ­ա­աի հա­ւա­տար­մագ­րե­րու պատ­ճէ­նը:
Նա­խա­րար Միք­տատ ող­ջու­նեց ալ Ռի­ֆ­ա­ա­ին նշա­նա­կե­լու որո­շու­մը՝ հան­գուց­եալ դես­պան Մահ­մուտ ալ Խա­լիտի­ին փո­խա­րի­նե­լու հա­մար, դի­տել տա­լով, որ վեր­ջինս իր կեան­քը նուի­րեց պա­ղես­տին­եան դա­տին եւ սուր­իա-պա­ղես­տին­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Նա­խա­րա­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին իր առա­քե­լու­թեան մէջ՝ յա­նուն  սուր­ի­ա­կան եւ պա­ղես­տին­եան հար­ցե­րու լուծ­ման եւ եր­կու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: