Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մահտի Սուպհանիի եւ Պաղեստինի դեսպան Սամիր Ռիֆահիի հաւատարմագիրները։ Նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ դեսպաններուն հետ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքին։ Հաւատարմագիրներու ընդունման Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ժողովրդային պալատէն ներս, ուր ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ։