Երեքշաբթի, 15 Յունիսին 2021-ին, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հայրենադարձներու հետ «Քոնկրէս» հիւրանոցի դահլիճէն ներս։ Խուներամ բազմութեան ներկայութեան, դաշինքի ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց ծրագիրը, պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն եւ միասնաբար քննարկեցին երկրին դիմագրաւած ներկայ ճգնաժամը։