“Արմէնփրէս”._15 Յունիսին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ատրպէյճանի բռնագրաւած Շուշի բերդաքաղաք այցելութեան ընթացքին հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Երկու նախագահներու առանձնազրոյցի աւարտին ստորագրուած են համագործակցութեան խորացման փաստաթուղթեր, ապա միացեալ մամլոյ ասուլիս: Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ Էրտողան պիտի այցելէ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Վարանթա (Ֆիզուլի):