Անակնկալ որոշումով, Հինգշաբթի, 17 Յունիս 2021-ին, «RT Arabic» հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի Ֆինանսի Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ԱՄՆ Սուրիոյ, Իրանի եւ Վենեզուէլայի դէմ իր սահմանած պատժամիջոցները մասամբ մեղմացնելու միտումով պիտի արտօնէ յիշեալ երկիրներ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի դիմագրաւման բժշկական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը։ Նախորդ շաբաթ, ԱՄՆ-ի Ֆինանսի Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ԱՄՆ Իրանի, ինչպէս նաեւ եմենական, սուրիական եւ կարգ մը այլ երկիրներու հպատակութիւնը վայելող անհատներու դէմ պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ։