Երկուշաբթի, 21 Յունիս 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Իրանեան Առեւտրական Բարգաւաճման Կազմակերպութիւնը յայտարարած, որ Իրանէն Սուրիա արտածման քանակը 73% տոկոս բարձրացած է վերջին երկու ամսուան ընթացքին։ Կազմակերպութեան պատասխանատու Սուհայլա Ռասուլի Նաճատ «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած, որ Սուրիա արտածուած ապրանքներուն արժողութիւնը 49 միլիոն ԱՄՆ տոլարի կը հասնի։ Նախապէս Սուրիա եւ Իրան համաձայնած էին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական փոխանակումները ամրապնդել «Սուրիական Առեւտուրի Հաստատութեան» եւ իրանեան «Էթքա» հաստատութեան միջեւ գործակցութիւնը ընդլայնելով։ Առեւտրական փոխանակումներուն նպատակն է Դամասկոսի մէջ իրանեան արտադրութիւնները վաճառելու առեւտրական կեդրոն յառաջացնել, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ սուրիական արտադրութիւններու յատուկ առեւտրական կեդրոններ հիմնել։