“Երկիր”._Հրապարակի վրայ է սփիւռքահայ (ամերիկաբնակ) հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, ճանչցուած մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի նոր գիրքը՝ «Երկիրը Արտերկրէն» յօդուածներու ժողովածուն: Ինչպէս նշուած է գրքի յառաջաբանին մէջ՝ տեղ գտած բոլոր յօդուածներու առանցքը Երկիրն է։ Յօդուածները դաշնակցական մամուլէն են: «Ես երկիրը դիտած եմ արտերկրէն։ Միաժամանակ փորձած եմ հայկական իրականութեան նկատմամբ աշխարհայեացքս անդադար ամբողջացնել ու հարստացնել Հայաստան կատարած առնուազն 25 այցելութիւններովս։ Որքա՞ն յաջողած եմ, այլեւս դուք պիտի դատէք։ Բնաւ պատահական չէ, որ Սփիւռքի մէջ գրուած այս յօդուածները առանձին հատորով լոյս պիտի տեսնեն․․․ Երեւանի մէջ», գրած է Վաչէ Բրուտեան։ Գիրքը բաժնուած է երեք գլուխի՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ քաղաքական-գաղափարական հարցեր, թէեւ բոլորի առանցքն ալ Հայաստանն է։