Անց­նող շա­բաթ, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Խոր­հուր­դի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն տուաւ Հա­լէ­պի երեք հիւան­դա­նոց­նե­րու նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն­նե­րուն: Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէ­ին Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի դիւա­նա­պետ տի­ար Քրիս­տա­փոր Հա­պոյ­եան, Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ տոքթ. Պերճ Գա­սապ­եան, խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ տոքթ. Թա­գու­հի Թաշճ­եան եւ տի­ար Փի­էռ Մու­սալ­լի:
Պատ­ուի­րա­կու­թիւնը այ­ցե­լեց Ռա­զի հիւան­դա­նո­ցի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն տոքթ. Ռըզք Ալ­լա Մա­լո­յին, երի­կամ­նե­րու հիւան­դա­նո­ցի տնօ­րէն տոքթ. Մուզ­հէր Շաաի­էի եւ Սան Լուիս Ֆրի­շօ հիւան­դա­նո­ցի տնօ­րէն տոքթ. Շա­քէր Գաս­թա­նի: Վեր­ջին հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտն­ուե­ցաւ նա­եւ հիւան­դա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու մայ­րա­պետ քոյր Սամիէ:
Պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն­նե­րուն հետ մտեր­միկ հան­դի­պում ու­նե­նա­լով Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին: Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին, Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը անդ­րա­դարձան առող­ջա­պա­հա­կան ոլոր­տէն ներս թե­մի զա­ւակ­նե­րուն մա­տու­ցուող մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն: Ար­ծարծ­ուե­ցան յա­ռա­ջի­կա­յին առող­ջա­պա­հա­կան գետ­նի վրայ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:
Նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն­նե­րը այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն առի­թով իրենց ու­րա­խու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւնը յայտ­նե­ցին պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ ող­ջու­նե­ցին թե­մէն ներս տա­րուող մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:
Պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը կր­կին շնոր­հա­ւո­րե­ցին եւ բա­րե­յա­ջող գոր­ծու­նէ­ու­թիւն մաղ­թե­ցին նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն բժիշկ­նե­րուն, որոնց մաս­նա­գի­տա­կան հե­տապն­դու­մով Հա­լէ­պի առող­ջա­պա­հա­կան մար­զը առա­ւել կը բա­րե­լաւ­ուի եւ կը պայ­ծա­ռա­նայ: