Միտ,  մտիկ. մէտ, մի­տիլ
Եկէք խո­նա­րհա­բար խոս­տո­վա­նինք, թէ  միշտ չէ, որ ասոնք բո­լո­րիս եւ բո­լո­րո­վին ծա­նօթ հաս­կա­ցու­թիւն­ներ են: Խո­նար­հու­թիւնը գի­տու­թեան մատ­չե­լու ամե­նաու­ղիղ ու ամե­նա­կարճ ճամ­բան է:  Ու­րեմն հե­տե­ւինք այդ լու­սա­ւոր ճամ­բուն:
Միտ եւ մէտ եր­կու տար­բեր ար­մատ­ներ են, որոնք եր­բեմն  պա­տա­հա­կա­նօ­րէն կը նոյ­նա­նան.  օրի­նակ՝ մէտ կու տայ մի­տիլ, որուն միտ  հն­չիւ­նա­փոխ ար­մա­տը նոյ­նը չէ վե­րը բեր­ուած առա­ջին միտ-ին հետ:
Բա­ցառ­ուած չէ իմաս­տա­յին հա­մընկ­նում եւս, որուն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք:
Ահա այս եւ նման  շփոթ­ներ ար­ժա­նի են որոշ լու­սա­բա­նու­թեան, թէ­կուզ…վե­րա­տե­սու­թեան:
* * *
1.Միտ, մտ-ածել, մտ-իկ
Միտ-ը կախ­եալ ար­մատ մըն է, որ, ու­րեմն, իբ­րեւ ազատ բառ չի կր­նար կի­րարկ­ուիլ:
Ան բա­ռի կը վե­րած­ուի «ք» մաս­նի­կի յա­ւե­լու­մով՝ միտ+ք = միտք, որ  մարդ  արա­րա­ծին իւ­րա­յա­տուկ բնա­ծին  այն ու­նա­կու­թիւնն է, որ թոյլ  կու տայ մտա­ծե­լու եւ դա­տե­լու, եւ այս բո­լո­րը ար­տա­յայ­տե­լու բա­ռե­րով՝ խօս­քով, բա­ներ, որոնց­մէ զրկ­ուած են  կեն­դա­նի­նե­րը:
Գո­հա­նանք այս ամ­փոփ սահ­մա­նու­մով, այ­լա­պէս  միտք-ը շատ ըն­դար­ձակ հաս­կա­ցու­թիւն է՝ փո­խա­բե­րա­կան իմաստ­նե­րու ահար­կու շա­րա­նով մը, որ մեզ շատ հե­ռու­նե­րը կր­նայ տա­նիլ:
Այս ար­մա­տով կազմ­ուած է մտա­ծել բա­յը՝ «ի» ձայ­նա­ւո­րի կո­րուս­տով, որ կը նշա­նա­կէ միտք մը ածել՝ բե­րել, կազ­մել, յա­ռա­ջաց­նել, ձե­ւա­ւո­րել:  Ու­նինք մտա­ծում կամ մտա­ծու­թիւն  բա­յա­նու­նը, որ կը նշա­նա­կէ մէ­կէ աւե­լի միտ­քե­րու շղ­թա­յի մը ծնուն­դը, յօ­րի­նու­մը:
Այս ար­մա­տով կազմ­ուած է մտիկ ձե­ւոյ­թը, որ իր կար­գին ան­կախ չէ, այլ հան­դէս կու գայ ընել բա­յով՝ մտիկ ընել, որ կը նշա­նա­կէ մտ­քով հե­տե­ւիլ մեր լսած­նե­րուն եւ…տե­սած­նե­րուն:
Լսած­նե­րուն՝ ծա­նօթ է ամէն արեւմ­տա­հայ:
Բայց շատ քի­չեր տեղ­եակ են, որ մտիկ ընել կը նշա­նա­կէ նա­եւ աչ­քով հե­տե­ւիլ, աչ­քով ըն­կա­լել ար­տա­քին աշ­խար­հը: Յի­շենք գէթ Սա­յաթ Նո­վա­յի հե­տեւ­եալ տո­ղը.
«Ասիր ջեյ­րան իմ, թուղ քի սեյր անիմ, եա՛ր, մտիկ անիմ»:
Որ կը  նշա­նա­կէ՝. «Ըսիր՝ եղ­նիկ եմ,  թոյլ տուր որ դի­տեմ,  եա՛ր, մտիկ ընեմ»:
Ան­շուշտ եղ­նի­կը…ական­ջով մտիկ չեն ըներ, այլ…աչ­քով, դի­տե­լով, տես­նե­լով:
Մտիկ ընել՝ դի­տել հա­ւա­սա­րու­թիւնը շատ հի­նէն՝ Մի­ջին հա­յե­րէ­նէն կու գայ:
Նա­հա­պետ Քու­չա­կը՝ ԺԶ. դար, ու­նի հե­տեւ­եալ կի­րար­կու­թիւն­նե­րը.
-«Մտիկ իմ եա­րին արէք, զինչ հա­գեր է ամէնն է կա­նանչ»:
-«Մտիկ լեռ­նե­րուն արէք»:
Առա­ջին տո­ղին մէջ ան շր­ջա­պա­տը կը հրա­ւի­րէ «դի­տե­լու եա­րին կա­նաչ հա­գուս­տը», երկ­րոր­դը աւե­լի պարզ է՝  լեռ­նե­րը դի­տե­լու հրա­ւէր մըն է:
Դա՛րձ­եալ մի­ջին­հա­յե­րէն­եան  տող մը. «Սի­ֆա­թին արա մտիկ որ է խո­րին ան­գի­տե­լի» (Կ. Երզն­կա­ցի, ԺԳ. դար): Սի­ֆաթ արա­բե­րէն կը նշա­նա­կէ երես, դէմք, կեր­պա­րանք. իսկ ան­գի­տե­լի կը նշա­նա­կէ ան­ճա­նա­չե­լի. ու­րեմն՝ «Դի­տէ՛ դէմ­քը, որ շատ ան­ճա­նա­չե­լի է»:
Մտիկ ընել՝ դի­տել շատ տա­րած­ուած է արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ եւս.
-Եր­կին­քը սկ­սել է աղ­քատ մարդ­կանց վրայ քաղցր աչ­քով մտիկ անել (Վախ­թանգ Անան­եան, «Մայր ար­ջը»):
-Մի էս իշ­խա­նու­հուս մտիկ արէք է՜, տե­սէք՝ ոնց է զուգ­ուել, զար­դար­ուել… (Յ. Թու­ման­եան, «Մոխ­րո­տը»):
-Չէ՛, ամա՜ն,- ասում է խորթ մէ­րը,- նա էն­պէս կեղ­տոտ է, որ վրէն մտիկ անել չի լի­նիլ (անդ):
Ասոնք, ան­շուշտ, բա­ցատ­րու­թեան չեն կա­րօ­տիր:
Կա­րե­լի է զար­մա­նալ միայն, թէ ին­չո՞ւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը չէ պա­հած կամ իւ­րա­ցու­ցած այս նշա­նա­կու­թիւնը:
2. Մէտ, մի­տիլ, մի­տում, հա­կա­մէտ, հա­կա­մի­տիլ
Մէտ-ը ան­կախ ար­մատ բառ է, թէ­եւ  ոչ շատ ծա­նօթ:
Ու­րեմն՝ պատ­կե­րա­ցու­ցէք կշիռ­քի այն տե­սա­կը, որ օժտ­ուած է եր­կու նժար­նե­րով, որոնց­մէ մէ­կուն վրայ կը դր­ուի կշ­ռա­քա­րը, միւ­սին վրայ՝ կշ­ռե­լի ապ­րան­քը՝ հա­ցը, խա­ղո­ղը, կա­րա­գը եւ այլն: Այս եր­կու­քը իրա­րու կը մի­ա­նան հո­րի­զո­նա­կան ձո­ղով մը, որ  լծակ կը կոչ­ուի: Այս լծա­կին կեդ­րո­նը կը գտ­նենք եռան­կիւ­նա­ձեւ սուր՝ վե­րա­հայ­եաց ցց­ուածք մը. ահա ա՛յս է մէ­տը: Եր­բեմն մէ­տը բա­ւա­կան եր­կար կ’ըլ­լայ, մին­չեւ մէկ-մէ­կու­կէս թիզ, եւ իր աջ ու ձախ շար­ժում­նե­րով հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը հաս­տա­տե­լու կա­րե­ւոր ու վս­տա­հե­լի մի­ջոց մըն է:
Մէ­տին աջ-ձախ թե­քում­նե­րը կը նշենք մի­տիլ բա­յով, որ օժտ­ուած է փո­խա­բե­րա­կան շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ մը. այս իմաս­տով՝ մի­տիլ կը նշա­նա­կէ յա­րիլ այս կամ այն ուղ­ղու­թեամբ՝ ազ­գա­յին, գա­ղա­փա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ այլն:
Ան կը ծա­ռա­յէ նա­եւ բնո­րո­շե­լու որե­ւէ հար­ցի ու կա­ցու­թեան մէջ որ­դեգր­ուած թե­քու­մը, տրա­մադ­րու­թիւնը, ուղ­ղու­թիւնը. «Թո­րո­սը կը մի­տի ու­նե­ցա­ծը ծա­խե­լու եւ հայ­րե­նիք հաս­տատ­ուե­լու»:  «Մար­կոսն ալ կը մի­տի նոր կնիկ մը առ­նե­լու»:
Սա­կայն նոյն բա­յով կա­րե­լի է բնո­րո­շել ան­շունչ առար­կա­նե­րու ուղ­ղու­թիւնը եւս.
-«Ձո­րի  շո­ճի­նե­րը  կը մի­տին դէ­պի արե­ւը»: «Ամէն գետ դէ­պի ծով կը մի­տի»:
-«Բար­տի­նե­րու գա­գաթ­նե­րը եր­կինք կը մի­տին»:
Հո­մա­նիշ­ներ են մի­տիլ եւ մի­տում ու­նե­նալ կամ ցու­ցա­բե­րել. այս վեր­ջի­նը պատ­շաճ է կի­րար­կել ընդ­հան­րա­պէս բա­նա­կան էակ­նե­րու հա­մար,  թե­րեւս կա­րե­լի ըլ­լայ նա­եւ անա­սուն­նե­րու, սա­կայն ոչ իրե­րու:  Եթէ թոյ­լատ­րե­լի է ըսել. «Արա­գիլ­նե­րը մի­տում կը ցու­ցա­բե­րեն գաղ­թե­լու»,-  ապա ան­պատ­շաճ է ըսել. «Այս ծա­ռը մի­տում ու­նի չոր­նա­լու»: Ու­նինք հա­կա­մէտ ածա­կա­նը, որ նոյն ինքն մի­տո­ղի, մի­տում ու­նե­ցո­ղի նշա­նա­կու­թիւնը ու­նի,  եւ ըլ­լալ-ին հետ կը կազ­մէ բա­ղադր­եալ բայ մը: Առ այս բեր­ուած օրի­նակ­նե­րը կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել այս բա­ղադր­եալ բա­յով ալ.
-Շո­ճի­նե­րը հա­կա­մէտ են արե­ւուն (հաս­նե­լու):
-Բար­տի­նե­րու գա­գաթ­նե­րը հա­կա­մէտ են եր­կին­քին ( դպ­նա­լու):
Արմենակ Եղիայեան