«Մի­ա­կուլ­ուած դուն ու ես՝ հո­գի, երազ ու մար­մին,
Մոռ­ցած անց­եալն ու ներ­կան, մոռ­ցած աշ­խարհ մը ամ­բողջ՝
Թո՛ղ մեր եսե­րը նե­տենք՝ ան­ցա­ւո­րէն անան­ցին…»
Լե­ւոն Գար­մէն
Այո՛, կայ մնա­յունն ու ան­ցա­ւո­րը, բայց մենք պար­տա­ւոր ենք մատ­նան­շել յան­ցա­ւո­րը:
Վեր­ջին ըս­ուե­լի­քը սկիզ­բը ըսենք ու այդ­պէս ճամ­բայ ել­լենք:
Հայ­րե­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան դէմ շղ­թա­յա­զերծ­ուած նո­րո­վի ար­շա­ւը իր բուն դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը սկ­սաւ դր­սե­ւո­րել այն օրէն, երբ ժա­մա­նա­կավ­րէպ հռ­չա­կե­ցինք փան­թուր­քիզ­մի վտան­գը, իսկ անոր դէմ ահա­զանգ հն­չեց­նող­նե­րը՝ հայ­րե­նի ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մին թշ­նա­մի­ներ:
Ստր­կու­թիւնը վի­ճակ մըն է:
Ստր­կամ­տու­թիւնը՝ խառն­ուածք եւ հո­գե­բա­նու­թիւն:
Ստ­րու­կը ուշ կամ կա­նուխ կր­նայ ազա­տագր­ուիլ ու դառ­նալ ազատ: Ստր­կա­մի­տը, աւա՜ղ, ազա­տում չու­նի, եւ ազա­տու­թեան մէջ իսկ կը կրէ ստր­կու­թեան ան­տե­սա­նե­լի շղ­թա­նե­րը:
Պատ­մու­թիւնը իր ծալ­քե­րուն մէջ ու­նի երե­ւոյթ­ներ, որոնք տա­կա­ւին ան­բա­ցատ­րե­լի են եւ կամ նուա­զա­գոյ­նը ոչ-ամ­բող­ջա­կան բա­նա­ձե­ւում ստա­ցած՝ ազա­տու­թիւն, ան­կա­խու­թիւն, գո­յու­թիւն, բա­նա­կա­նու­թիւն եւ վս­տա­հու­թիւն: Ազգ եւ ազ­գու­թիւն, ժո­ղո­վուրդ եւ պե­տու­թիւն:
«Ազ­գը մար­դոց այն ամ­բող­ջու­թիւնն է, որ ու­նի ընդ­հա­նուր ծա­գում, որուն յա­տուկ է զգա­լու եւ մտա­ծե­լու մի­եւ­նոյն եղա­նա­կը»:
Ազգ, հայ­րե­նիք, ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն եւ ան­կա­խու­թիւն յղացք­նե­րը օր­կա­նա­կան ամ­բող­ջու­թիւն մը կը կազ­մեն եւ կը հան­դի­սա­նան ժո­ղո­վուր­դի մը հա­ւա­քա­կան կամ­քին ու հա­մազ­գա­յին իտ­է­ալ­նե­րուն գլ­խա­ւոր դր­սե­ւո­րում­նե­րը:
Երբ ազ­գը գո­յու­թիւն ու­նի, հայ­րե­նի­քը բնա­կա­նա­բար գո­յու­թիւն կ’ու­նե­նայ, երբ հայ­րե­նիք գո­յու­թիւն ու­նի, անժխ­տելի­օ­րէն ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն պէտք է գո­յու­թիւն ու­նե­նայ, իսկ երբ պե­տա­կա­նու­թիւն կայ, ան­կա­խու­թիւնը ան­սա­կար­կե­լի իրա­ւունք է, գո­յա­տեւ­ման երաշ­խիք է, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան խթան եւ ինք­նա­կեր­տու­մի ան­փո­խա­րի­նե­լի խա­րիսխ:
Ազա­տու­թեան մէջ խօս­քը ոչ թէ ցան­կու­թիւն­նե­րու այլ՝ գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րու մա­սին է:
Պատ­մու­թիւնը կ’ըսէ. «Ինչ որ գրե­ցի, գրե­ցի, եւ ոչ ոք ու ոչ մէկ ուժ կր­նայ ջն­ջել պատ­մու­թեան գրա­ծը»:
Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ ալ ար­ձա­նագր­ուած են դէպ­քեր, թուա­կան­ներ, տե­ղա­նուն­ներ եւ անձ­նա­նուն­ներ, որոնք իրենց ար­ձա­նագ­րու­մէն ետք վե­րած­ուած են խորհր­դա­նիշ­նե­րու. իրենց մէջ խտաց­ուած են պատ­մու­թեան յոյ­զեր, կեանք ու մահ, բայց մա­նա­ւանդ պատ­գամ եւ յանձ­նա­ռու­թեան թե­լադ­րանք:
Մէկ այլ եզ­րա­կա­ցու­թիւն մը այն է, որ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մութ­եան ըն­թաց­քին բո­լոր ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­տար­ուած են անձ­նա­զոհ եւ ազ­նիւ ան­ձե­րու շնոր­հիւ:
«Ժո­ղո­վուր­դից է ամէն յաղ­թա­նակ,
Ան­կա­րող ղե­կա­վա­րից՝ ամէն պար­տու­թիւն»:
Զանգ­ուած­նե­րը յե­ղա­փո­խա­կան եւ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը հրա­ժա­րին ազա­տու­թե­նէն եւ կ’որո­նեն առաջ­նորդ­ներ:
Առաջ­նորդ­նե­րը պէտք է ու­նե­նան սկզ­բուն­քա­յին մէկ պայ­ման՝ պէտք է, ան­տա­րա­կոյս, ապա­հո­վել ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան բո­լոր իրա­կան երաշ­խիք­նե­րը:
Պե­տու­թեան բա­րո­յա­կան առողջ դի­մա­գի­ծի եւ մթ­նո­լոր­տի պահ­պան­ման լա­ւա­գոյն երաշ­խիքն է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը, որուն հաս­տատ­ման ի խն­դիր պայ­քա­րը հիմ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր երկ­րի վաղ­ուան բա­րօ­րու­թեան ու լու­սա­ւոր ապա­գա­յի կեր­տու­մին մէջ: Այս բո­լոր սկզբ­նաղ­բիւր­նե­րը, եւ տա­կա­ւին շատ մը այլ հաս­տա­տում­ներ եւ վկա­յա­կո­չում­ներ կու գան փաս­տե­լու այն անժխ­տե­լի ճշ­մար­տու­թիւնը, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւնը լրիւ վե­րա­կանգ­նե­լու, մեր ազ­գի բա­րո­յա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան հա­րա­զատ նկա­րա­գի­րը ամէն տե­սա­կի կեղ­տա­ջու­րե­րէ մաք­րե­լու, ազ­գա­յին մեր պե­տա­կա­նու­թիւնը իր պատ­մա­կան հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու դժ­ուա­րին երթ մը վի­ճակ­ուած է հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ վե­րա­դարձ­նե­լու հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի գա­ղա­փա­րա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան հա­րա­զատ անօ­թը:
Հայ­րե­նի հա­յու­թիւնը կը թե­ւա­կո­խէ քա­ղա­քա­կան իր ճա­կա­տագ­րին տէր կանգ­նե­լու փու­լը, անց­եա­լի ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան աւանդ­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը աւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ, նոյ­նիսկ կեան­քի պար­տադ­րանք՝ որ­պէս­զի հա­յու­թեան պատ­մու­թեան շա­րու­նա­կա­կան, սա­հուն ըն­թաց­քը ապա­հով­ուի, որ­պէս­զի հայ­րե­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան զար­թօն­քը մտ­նէ իր ճիշդ հու­նին մէջ:
Քաղ­ուած խոր­հուր­դի եւ իմաս­տի իւ­րա­քան­չիւր դր­սե­ւո­րում՝ ուշ կամ կա­նուխ իր դրոշ­մը պի­տի ձգէ՝ ըսե­լու թէ քա­ղա­քա­կան իրադ­րու­թիւն­նե­րը իրենց անդ­րա­դար­ձը կ’ու­նե­նան վճ­ռա­կան որե­ւէ եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­մար:
Հզօ­րա­ցու­մը առա­քե­լու­թիւն է, սր­տի ու խղ­ճի պարտք:
Պա­հանջ­ուա­ծը՝ միայն ու միայն
Քիչ մը աւե­լի լր­ջու­թիւն:
Պարգեւ Աւագեան