«Արմէնփրէս».- ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը անդրադառնալով հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի մէջ սկսած կեղծ դատավարութեան փաստին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէն մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները անընդունելի են:
«Ռազմագերիները դատապարտելը միջազգային համաձայնութեան կոպտագոյն խախտում է եւ անգամ մը եւս ապացոյց է, որ Ատրպէյճան ակնյայտօրէն անարգած է մարդու իրաւունքներն ու միջազգային իրաւունքը», յայտնած է Շիֆը: Ան ընդգծած է, որ մինչեւ իրենք աշխատանքներ տարած են ռազմագերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ, ԱՄՆ-ն պէտք է անհետեւանք չձգէ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող գործողութիւններն ու կրկին գործի դնէ այն արգելքը, որով չէ թոյլատրուած ԱՄՆ կողմէն ռազմական աջակցութիւնը Պաքուի վարչակարգին:
«Պէտք չէ թոյլ տանք, որ Ատրպէյճանը անպատժելի կերպով խախտէ մարդու իրաւունքներն ու  ոտնահարէ միջազգային ձեւաչափերը», յայտնած է ԱՄՆ քոնկրէսականը: