«Երկիր».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմը անխուսափելի էր «Հայաստանի ղեկավարութեան սադրիչ յայտարարութիւններէն եւ գործողութիւններէն յետոյ»․ յայտնած է minval.az կայքը:
«Վերջերս տեղի ունեցած ամէն ինչին համար պատասխանատու է Հայաստանի կառավարութիւնը, որ ձեռնարկած է բազմաթիւ սադրիչ քայլեր, գործողութիւններ եւ հրահրել պատերազմը», Ուրբաթ ըսած է թշնամական պետութեան ղեկավարը` Պաքուի ընդունելով Ռումինիոյ, Աւստրիոյ եւ Լիտվիոյ արտագին գործոց նախարարներուն:
Ան յիշեցուցած է, որ «ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը (ՊՆ նախկին ղեկավար Դաւիթ Տօնոյեան) հրապարակաւ յայտարարած է, որ Հայաստանը կը պատրաստուի նոր պատերազմի նոր տարածքներու համար, որ բացայայտօրէն սպառնալիք էր Ատրպէյճանի համար: Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը»:
«Իրականութեան մէջ ոչ միայն դէմ էր մեր շահերուն, այլ նաեւ` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ անոր համանախագահներու կողմէն մշակուած ձեւաչափին: Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ այլ սադրիչ յայտարարութիւնն էր, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է, եւ վերջ»: Սա փաստացիօրէն վերջ տուաւ որեւէ բանակցութեան», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ մեղադրած է Հայաստանը, որ 2020 թուականին «շփման գիծին եւ Ատրպէյճանին հետ պետական սահմանին իրականացուցած է երեք ռազմական սադրանք, որուն հետեւանքով զոհուած են խաղաղ բնակիչներ»:
«Այսպիսով` Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը անխուսափելի էր, եւ բոլորին համար պարզ էր», աւելցուցած է Ատրպէյճանի նախագահը: