27 Յունիսին “Հայաստան” դաշինքը ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակեց. “Չսպասելով 21 Յունիս 2021_ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքներու պաշտօնական հաստատումին, յատկապէս, երբ անոնք վիճարկուած են, ՀՀ ժամանակաւոր վարչակարգի մէջ աշխատող գործադիր իշխանութիւնն ու անոր հնազանդ կամակատարները աւելի սանձարձակ դարձած են: Բազմաթիւ առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարած վարչախումբը, պետական մակարդակով անցած է քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած բացայայտ ահաբեկումի եւ բռնաճնշումներու: «Իրաւունքի եւ օրէնքի բռնատիրութեան» մասին խօսող վարչախումբը, ոտնահարելով մարդու հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնը, թիրախաւորած է հայրենիքը կործանումի տանող իշխանութեան հայեացքները չբաժնեկցող բազմաթիւ համայնքներու ղեկավարներու, աւագանիի անդամներու, հանրային ծառայողներու, տնտեսական, մշակութային, գիտական, կրթական, առողջապահական գործունէութիւն իրականացնող անձերու: Աշխատանքէն դադրելու, ազատ գործելու այլ իրաւունքները սահմանափակելու ապօրինի գործողութիւնները համակարգուած եւ զանգուածային բնոյթ կը կրեն։ «Հայաստան» դաշինքը հանդէս կու գայ օրինականութեան եւ իրենց արժանապատուութիւնը յարգող անձերու աջակցութեան կարգավիճակով՝ զանոնք բոլորը համարելով դաշինքի անդամ, համակիր կամ բնական դաշնակից: Մեկնելով վերոգրեալէն՝ 1․ Կը պահանջենք ՀՀ գործադիր իշխանութիւնէն անյապաղ դադրեցնել քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած հալածանքներն ու բռնութիւնները, հակառակ պարագային, ծանրագոյն վիճակի մէջ գնտուող եւ գոյութենական մարտահրաւէրներ յաղթահարող Հայաստանի Հանրապետութեան իրավիճակին հետագայ սրումին ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ներկայ վարչախումբը: 2․ Կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութենէն, քննչական մարմիններէն, ոստիկանութենէն եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն՝ կանխել քաղաքական իշխանութիւններու ցուցաբերած յանցաւոր վարքագիծը, բացայայտել ու պատժել քաղաքական հայեացքներու հիմքով իրենց լիազօրութիւնները չարաշահող պաշտօնյաները: 3․ Բարձր գնահատելով Հայաստանի Հանրապետութռան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութիւնը, կը հրաւիրենք միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը՝ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու կողմէն՝ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութեան ոլորտի մէջ երկրի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու անթաքոյց ոտնահարման փաստերուն վրայ: Ժողովրդագրական ճգնաժամ ապրող մեր երկրի արժանապատիւ քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղենք հայրենիքը լքելու մասին չմտածելու: Զորավիգ ենք Ձեզի: Պատրաստ ենք ձեզի հետ միասին դիմագրաւելու բոլոր փորձութիւնները, իրաւական, քաղաքական, բարոյական եւ բոլոր ուղղութիւններով պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու իրաւունքները: Մենք միասին կրնանք երկրին մէջ ձեւաւորել պատասխանատու իշխանութիւն եւ կերտել ուժեղ Հայաստան”։

«Հայաստան» դաշինք