“Արմէնփրէս”._ Վերջին օրերուն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ գրանցուած են Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ուղղուած հեռաձայնային կապերու փորձեր արձանագրուած են։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը։ «Անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք բացառապես հեռու մնալու նմանատիպ կասկածելի հեռաձայններուն պատասխանելէ եւ անմիջապէս դիմելու ԱՀ ԱԱԾ։ Միաժամանակ կը յորդորենք հեռու մնալ ապազգային գործելաոճէ, չշահարկել ու բաց հարթակներու վրայ քննարկման առարկայ չդարձնել այդօրինակ լուրերը, որոնց նպատակը Արցախի բնակչութեան մէջ վախի ու ապագայի հանդէպ անորոշ մթնոլորտի ստեղծումն է», ըսուած է հաղորդագրութեան մեջ։