Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ Հասիչէի Ալուք ջրամուղ կայանի ելեկտրականութեան անջատումը։ Նախարարութիւնը ըսաւ. «Էրտողանի համակարգը կը շարունակէ իր անմարդկային ընթացքը եւ Հասիչէի ժողովուրդին դէմ որդեգրած «Ջուրի Պատերազմ» ստեղծելու քաղաքականութիւնը։ Թուրքիան 25-րդ անգամ ըլլալով Ալլուք Ջրամուղ կայանի ելեկտրականութիւնը անջատեց, հետեւաբար կայանը դադրեցաւ ջուր մատակարարելէ շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Եփրատ գետի ջուրի հոսքի մակարդակը նուազեցուց»։ Նախարարութիւնը շեշտեց. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս կը դատապարտէ թրքական ուժերուն գործած ոճիրները եւ կոչ կ՚ուղղէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ քարտուղարութեան անմիջապէս վերջ տալու այս ոճիրներուն եւ Թուրքիան պարտադրելու, որ Ալլուք ջրամուղ կայանը վերաշխուժացնէ, Եփրատ գետի ջուրի մակարդակը իր նախկինին վերադարձնէ, որն է 500 մեթր խորանարդ իւրաքանչիւր 60 վայրկեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վերաբերող որոշումները յարգէ» ։